Քիչ առաջ WhatsApp-իս պատասխանելով՝ Վարչապետը գրեց.- «Պէտք է դիմադրենք եւ յաղթենք». այո՛, ուրիշ ճամբայ չկայ. Արամ Առաջին
Մեծի տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսն իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է.
«Քիչ առաջ WhatsApp-իս պատասխանելով՝ Վարչապետը գրեց.- «Պէտք է դիմադրենք եւ յաղթենք»: Այո՛, ուրիշ ճամբայ չկայ: Սա իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան յանձնառութիւնը պէտք է դառնայ՝ հաւատքով շաղախուած ու վճռակամութեամբ կռանուած: Յաղթելու համար պէտք է համախմբուինք եւ մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնենք Արցախի պաշտպանութեան: Պէտք է վստահինք մեր հաւաքական ուժին, զօրավիգ կանգնինք մեր քաջ բանակին ու միաժամանակ պէտք է թակենք դռները մեր բոլոր բարեկամներուն: Զինուորական յաղթանակը պիտի ապահովէ մեր քաղաքական յաղթանակը»: