Արամ Ա կաթողիկոսն օրհնել է Մայրավանքի կիրակնօրյա վարժարանի սաներին՝ ուսումնական տարվա մեկնարկի առթիվ
Մայրավանքի կիրակնօրյա դպրոցը տարեմուտի առիթով ստացել է Վեհափառ Հայրապետի օրհնությունը․
Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանը 2026-2027 տարեշրջանը սկսաւ 25 Հոկտեմբեր 2026-ին: Արդարեւ, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի առաջնորդութեամբ եւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն Ժանին Դանիէլեան Մարգարեանի գլխաւորութեամբ, տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողներ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը:
Խօսք առնելով Մայրավանքի տնօրէնը՝ դիտել տուաւ, որ 2026 տարուան Հայրապետին հռչակագիրը՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի», լայն կերպով կ՚անդրադառնայ Քրիստոսը մեր կեանքի կեդրոնը դարձնելու եւ մեր հաւատքը ապրելու հրամայականին։ Ան նշեց, որ Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցը միշտ վայելած է ու կը վայելէ Նորին Սրբութեան անմիջական հայրական խնամքն ու գուրգուրանքը: Վերջապէս, Ժ. Դանիէլեան ծնողներուն խօսքը ուղղեց՝ գնահատելով զանոնք իրենց զաւակները եկեղեցի եւ կիրակնօրեայ դպրոց առաջնորդելուն համար: