Աղոթքից մինչև ազգային արժեքներ․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հայրական պատգամը
«Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, աւելի քան 150 մասնակցողներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հոգեւոր լսարանի եզրափակիչ համախմբումը, որուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական եզրափակիչ պատգամը ուղղեց ներկաներուն։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ գտնելու ու փնտռելու ձեւերուն մասին։ Ան անդրադարձաւ այս տարուան հայրապետական հռչակագրին (Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի), նշելով, որ պէտք է շարունակենք պահել ու պահպանել մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները, յատկապէս զանոնք դաստիարակիչ կերպով ուսուցանելու մեր երիտասարդ սերունդին։ Ապա, ան անդրադարձաւ կարգ մը երեւոյթներու, զորս մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է ուշադիր ըլլան եկեղեցական արարողութեանց իրենց մասնակցութեան առնչութեամբ։
Լսարանի մասնակիցներուն կողմէ եղան հարցումներ, որոնց Վեհափառ Հայրապետը լրացուցիչ պատասխաններ տուաւ։
Համախմբումը իր աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ» աղօթքով եւ յիշատակի խմբանկարով»։