Արամ Ա-ն և Հռոմի պապը քննարկել են Արցախի հայերի վերադարձի իրավունքը
ա) Ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գծով Վատիկանի ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ Արցախ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութեան գծով:
բ) Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վատիկանի զօրակցութիւնը Լիբանանի գծով՝ յիշեցնելով, թէ Լիբանանը ողջ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան եղած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին վերազարթօնքի կեդրոնը: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան երկիր:
Ապա, շեշտելով միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ կարեւորութիւնը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի եւ ընդհանրապէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ:
Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց պատուիրակութեան անդամ սրբազան հայրերը։ Ապա, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Հայրապետը Պապին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, որ պատրաստուած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, իսկ Պապը՝ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական ժողովը ներկայացնող պղինձէ քանդակ:
Յաջորդիւ, Առաքելական Ապարանքի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ (Urban VIII Chapel), Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միացեալ եկեղեցական արարողութիւն մը, որ պատրաստուած էր յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած աղօթքներով ու շարականներով: