Արամ Ա Վեհափառը քննարկել է Լիբանանի առաջ ծառացած մարտահրավերները
Ընկերվար առաջադիմական կուսակցության պատվիրակությունը այցելել է Արամ Ա Վեափառին․
«Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ճոնպլաթի զաւակին՝ Թէյմուր Ճոնպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շիայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանը դիմագրաւող ներքին թէ՛ արտաքին դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտը պարզեց ներկայ կացութեան գծով՝ շեշտլով Լիբանանի ներքին միութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Յ. Բագրատունի, իր կարգին, անդրադարձաւ քաղաքական երկխօսութիւններու ճամբով համայնքներն ու կուսակցութիւնները միացնող հասարակաց գետինը ամրապնդելու հրամայականը: