ՀՅԴ թեկնածուներն ընտրվել են Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհրդի անդամներ
«Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան:
Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան իր դոկտորականը ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն՝ կրթութեան մարզին մէջ, մագիստրոսի վկայականը՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն՝ կրթական հոգեբանութեան մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ Հայկազեան համալսարանէն՝ մանկավարժութեան մարզին մէջ: Ակադեմական ասպարէզի ծիրին մէջ, ան դասախօս է Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերային ծառայութեան մասնագիտութիւններու բաժանմունքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հայագիտական կեդրոնին մէջ: Անոր մասնագիտական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ կրթական ոլորտին մէջ դասախօսութիւններ, վարժողական ծրագիրներ եւ խորհրդատուական աշխատանքներ, որոնց ընդմէջէն իր մասնակցութիւնը բերած է տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած ծրագիրներու, ինչպիսիք են Լիբանան, Հայաստան, Փորթուգալ, Եգիպտոս, Օման, Յորդանան, Սուրիա եւ Ֆրանսա:
Ուսուցիչներու վերապատրաստութեան աշխատանքները կ’ընդգրկեն Լիբանանի պետական եւ ոչ պետական կրթական կառոյցները: Ներդրում ունի համայնքային կեանքին մէջ, կրթական, միութենական եւ կազմակերպչական բնոյթի յանձնախումբերու եւ հանրային ելոյթներու ընդմէջէն: Անդամ է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ անոր դիւանին: Անդամ է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի խնամակալ մարմինին: Ատենապետն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի խորհրդատու մարմինին: Անդամ է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան Մանուկներու քաղցկեղի ազգային յանձնաժողովին»։