Թուրքիան չի հանդգնիր զանգուածային կերպով արտաքսել հայերին. փորձագետ
Թուրքիոյ մէջ հայութիւնը սպառնացող վտանգ գոյութիւն ունեցած է բոլոր ժամանակներուն, սակայն նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանն ու գործող կառավարութիւնը չեն յանդգնիր արտաքսել երկրին մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիները: Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ թրքագէտ Տիրան Լոքմագէոզեան:
Թուրքիայէն հայերու արտաքսման նոր ալիքի մասին տեղեկութիւնը օրեր առաջ յայտնուեցաւ հայկական մամուլին մէջ: Կ’ըսուէր, որ Թուրքիոյ մէջ մօտ ապագային այդ մասով բաւական լուրջ զարգացումներ կը սպասուին:
«Հայութիւնը սպառնացող վտանգ միշտ կար. ոչ միայն այսօր, այլ նաեւ նախկին իշխանութիւններու օրօք: Սակայն որքան ալ թուրքերը ցանկան ատիկա, ներկայիս պայմաններուն մէջ նման գործողութիւններ իրականացնելը բաւական դժուար է: Նախ եւ առաջ այդ քայլով անոնք կը վնասեն իրենք իրենց. չէ՞ որ այսօր ամէն ինչ կը հեռարձակուի առցանց կարգով», – ըսաւ փորձագէտը:
Անոր խօսքով` Թուրքիոյ նման գործողութիւնները ձեռնտու չեն, քանի որ ատոնք հարուած կը հասցնեն իշխանութիւններուն եւ ընդհանուր առմամբ երկրի պատկերին: Լոքմագէոզեան ընդգծեց, որ Թուրքիայէն բոլոր հայերը արտաքսելը դժուար է նաեւ զուտ տեխնիկական առումով: Չէ՞ որ նման պարագաներու ստիպուած պիտի ըլլան մարդոց ինքնաթիռներով եւ հանրակառքերով դուրս բերել, իսկ ատիկա ծախսատար եւ երկարատեւ գործընթացք է, ըսաւ փորձագէտը: Այլ միջոցներ ձեռնարկելու պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ խօսիլ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի քաղաքականութեան մասին:
«Հաւանաբար Թուրքիոյ իշխանութիւնները նման վտանգի չեն դիմեր: Սակայն ցանկութեան պարագային անոնք կրնան արտաքսել 100 մարդ եւ ցուցադրել հայերուն, որ նման բան կրնայ տեղի ունենալ», – ըսաւ Լոքմագէոզեան:
Ինչ կը վերաբերի Անգարայի յայտարարած թիւին, իբրեւ թէ, Թուրքիոյ մէջ 100 հազար հայ կը բնակի, որմէ 40 հազարը` այդ երկրի քաղաքացի, միւսները` Հայաստանի, ապա Լոքմագէոզեան սա բացայայտ սուտ կը համարէ:
Փորձագէտն ընդգծեց, որ Պոլսոյ հայերու քանակը շուրջ 40 հազար է, ՀՀ քաղաքացիներն ալ կ’ըլլան 10-15 հազար, բայց ոչ մէկ ձեւով 60 հազար:
Միեւնոյն ժամանակ Լոքմագէոզեան դրական միտում ընդգծեց: Խօսքը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահի յառաջիկայ ընտրութիւններու մասին է:
«Օրեր առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նշած էր, որ հայերը կրնան ծրագրել ընտրութիւնները յունիս 24-ին, անմիջապէս այն բանէն յետոյ, երբ յունիս 23-ին տեղի կ’ունենան Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւնները», – ըսաւ Լոքմագէոզեան:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում